2012-05-13 11:40:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Արեցցօյի Թեմը կ՛այցելէ։
<<Պետրոս կու գայ Սան Տոնաթոն Այցելելու>>


ՅՊԲ-ի Արեցցօ Թեմի կատարած հովուական այցելութենէն 19 տարիներ ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 13 մայիսի առաւօտեան, հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իտալիոյ Թոսքանա մարզի Արեցցօ-Լա վէրնա-Սանսեբոլգրօ թեմը։

Առաւօտեան ժամը 8.00-ին Սրբազան Քահանայապետի ինքնաթիռը թռիչք առնելով Վատիկանէն ուղղուեցաւ Արեցցօյի քաղաքապետարանի մարզադաշտը ուր ժամանեց ժամը 9ին։

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Արեցցօ-Լա վէրնա-Սանսեբոլգրօ թեմի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Րիգգարտօ ֆոնդանա, Իտալիոյ վարչապետ Տիար Մարիօ Մոնթի ու եկեղեցական եւ քաղաքական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Սրբազան Քահանայապետի շքախումբը հուսկ փոխադրուեցաւ Արեցցոյի <<Իլ Բրաթօ>> հրապարակը ուր ժամը 10ին տեղի ունեցաւ բացօթեայ ս. պատարագ որուն սկիզբը Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեցին Արեցցօյի Քաղաքապետ Տիար Ճուզեբբէ ֆանֆանի եւ Թեմի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Րիգգարտօ ֆոնդանան։

Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 30 հազար հաւատացեալներ, Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ նախ իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց Սուրբ Արարողութեան ընթացքին Արեցցօյի քրիտոնեաներուն հետ բաժնեկցելու Աստուծոյ Խօսքը ու բեկանելու Հացը ու ապա շնորհակալական ողջոյնի խօսք ուղղեց իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Դարերու ընթացքին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Արեցցոյի Եկեղեցին յարատեւ կենսունակ ու հարուստ եղած է Քրիստոնեայ հաւատքի արատայայտութիւններով, մասնաւորապէս սրբակեաց անձերու օրինակով որոնց շարքին ձեր պահապան սուրբը Սան Տոնաթոն որուն կեանքի վկայութիւնը, որ միջնադարեան քրիստոնէութիւնը հրապուրած էր, այժմէական է տակաւին։

Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները շեշտը դելով Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ նախադասութեան վրայ <<Ձեզ ընտրեցի եւ հաւաստեցի որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ տաք եւ ձեր պտուղը մնայ>> (Յովհ. 15,16)։ Այս խօսքերը ուղղուած են յատկապէս առաքեալներուն բայց միեւնոյն ատեն Յիսուսի բոլոր աշակերտներուն։ Համայն եկեղեցին, մենք ամէնքս, կանչուած ենք Փրկութեան աւետիսը քարոզելու աշխարհի։

Սիրելի բարեկամներ եղէք ընկերութեան թթխմորը, եղէք յարակից` կենսունակ եւ յանդուքն քրիտոնեաներ։ Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց իտալիոյ եկեղեցւոյ իրողութեան` նա մանաւանդ դաստիարակչական գետնի վրայ հարցադրելով <<ի՞նչ տեսակէտ կարող ենք առաջարկել նոր սերունդներուն>>։ Մեր ունկնդրած Աստուծոյ խօսքը - ըսաւ Ան - հրաւէր մըն է Աստուծոյ ու բոլորին հանդէպ ապրելու Սէրը - ու շարունակեց ըսաելով - այս հողերուն մշակոյթի մաս կը կազմէ զօրակցութիւնը եւ տկարներուն հանդէպ ուշադրութիւնը ու ամէն անհատի արժանապատուութեան յարգանքը։ Աստուծոյ Սէրը վկայելը ու տկարներուն ուշադիր ըլլալը հոմանիշն է կեանքի պաշտպանութեան, անոր սկիզբէն մինչեւ բնական վերջը։

Թեմական այս եկեղեցին` Ասսիզիի աղքատի վկայութեամբ հարստացած` թող շարունակէ ըլլալ ուշադիր եւ զօրակից ու միեւնոյն ատեն գիտնայ դաստիարակել գերազանձելու համար, մեր օրերը յաատկանշող նիւթապաշտական տրամաբանութիւնը. որ շատ անգամ պատճառ կը դառնայ ողորմութեան եւ զօրակցութեան իսկական իմաստի կորուստին։

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Արեցցօյի եկեղեցւոյ հաւատացեալները շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը Յիսուսի վարդապետութեան համաձայն, հետեւելով սուրբերու լուսաւոր օրինակին ու ազգային աւանդութեան, Տիրամօր Մայրական Հովանիին տակ։

Պատարագի աւարտին, նոյն վայրէն, կէսօրին` Սրբազան Հայրը արտասանեց Ողջ լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին խնդրեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը ընդունելու Աստուծոյ մխիթարանքը որպէսզի Արեցցօյի հասարակութիւնը եւ ամբողջ Իտալիան հակազդեն յուսալքումին եւ մարդկայնական իրենց աւանդութեան ուժով հաստատակամ քալեն Հոգեւոր եւ բարոյագիտական վերանորոգումի ուղիով, որ -ըսաւ Սրբազան Հայրը - միակ ճամբան է` ընկերային եւ հասարակական կեանքի իսակական բարւոքումին։ Ամէն մէկը այս ուղղութեամբ պարտական է իր նպաստը տալ։ Ով Մարիամ Մխիթարիչ Տիրամայր` աղօթեայ վասն մեր։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Արեցցոյի առաջնորդարան ուր, Թոսքանա մարզի Եպիսկոպոսներու հետ միասին բաժնեկցեցաւ եղբայրական ակափը։


Յետ միջօրէի Նորին Սրբութիւնը այցելեց Լա Վեռնա եւ Սանսեբոլքրօ սրբավայրերը։ Նշենք որ այս վերջինաս այս տարի կ՛ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան առաջին հազարամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.